ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները Մայիսի Վերջին Տարածաշրջան Պիտի Այցելեն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Մայիսի վերջը պիտի ժամանեն տարածաշրջան: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Մայիս 21-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

«Մայիսի վերջը տարածաշրջանային այց պիտի կատարեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները: Այցի ընթացքին պիտի ըլլան Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու: Պիտի քննարկուին յառաջիկայ քայլերն ու ծրագիրները, բայց այժմ մանրամասնութիւններ չեմ կրնար յայտնել»,- ըսած է Նաղտալեան:

ԵԱՀԿ մինսկի խումբի համանախագահութիւնը Լեռնային ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղուող միջնորդական միակ ձեւաչափն է: Համանախագահներն են Ռուսիան ներկայացնող Իկոր Փոփովը, Ֆրանսան ներկայացնող Սթեֆան Ուիսքոնթին եւ Միացեալ նահանգները ներկայացնող Էնտրիւ Շոֆըրը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *