Ստեփանակերտի Մէջ Քննարկուած են Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Կազմակերպչական Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Մայիս 14-ին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեան եւ տարբեր երկիրներու հետ աշխատանքներ իրականացնող պատասխանատուներ:

Ողջունելով ներկաները` պետական նախարարը նշած է, որ աշխատանքային խորհրդակցութիւնը նուիրուած է համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման եւ հիւրերու գիշերակացը ապահովելու համար կազմակերպական հարցերը քննարկելուն:

«Մենք համապատասխան ժամանակամիջոցին պէտք է կարենանք աշխատանքները այնպէս իրականացնել, որ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունենայ բոլոր չափանիշներուն համապատասխան, այդ իսկ պատճառով` բոլոր գերատեսչութիւններուն կը յորդորեմ աշխատանքները կազմակերպել համակարգուած եւ փոխգործակցութեան հիմքերու վրայ»,- նշած է Մարտիրոսեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Իշխան Զաքարեան նշած է, որ տարբեր ուղղութիւններով ձեւաւորուած աշխատանքային խումբերու համատեղ ջանքերուն շնորհիւ միայն հնարաւոր է բոլոր խնդիրներու շուրջ ունենալ կիրառելի լուծումներ: «Այդ օրերուն հանրապետութեան տարանցիկ ճանապարհները, քաղաքները, համայնքները պէտք է տօնական տեսքով ըլլան, աշխատանքներուն մէջ պէտք է ընդգրկենք մեծ թիւով կամաւորներ, իսկ գիշերակացի հետ կապուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ պէտք է օգտագործենք հնարաւոր բոլոր տարբերակները»,- ըսած Զաքարեան:

Հանդիպման աւարտին տեղի է ունեցել մտքերու փոխանակում, պետական նախարարին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականեր:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեան, կրթութեան, գիտութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *