Մարութեան Որոշած Է Իր Եւ Քաղաքապետարանի Անձնակազմի Աշխատավարձը Աւելցնել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեւանի քաղաքապետը որոշած է անակնկալ ընել բոլորին եւ անսպասելիօրէն բարձրացնել քաղաքապետարանի աշխատողներուն, ներառեալ՝ իր աշխատավարձը: Ըստ Չորեքշաբթի, 8 Մայիսին, Երեւանի աւագանիի նիստին ներկայացուելիք նախագիծին՝ Հայկ Մարութեան նախկին 575 հազար դրամի փոխարէն պիտի ստանայ ամսական 1 միլիոն 200 հազար դրամ, ճիշդ այնքան, որքան կը ստանայ երկրին վարչապետը: Քաղաքապետարանի վարչութեանց պետերը նախկին 346 հազարին փոխարէն պիտի ստանան 641 հազար դրամ: Թաղապետերն ալ չեն մոռցուած. անոնք 400 հազարի փոխարէն պիտի ստանան 773 հազար դրամ, իսկ անոնց տեղակալները՝ 346 հազարի փոխարէն՝ 668 հազար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *