Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած Է Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Հետ

 ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 18-ին հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, զրուցակիցները անդրադարձած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի գործունէութեան, միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ ազատազրկման դատապարտուած մեր հայրենակիցներու ճակատագրին եւ զիրենք հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ իրականացուող գործընթացներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *