Ոստիկանութիւնը Պետականութեան Յենասիւնն Է. Նիկոլ Փաշինեան Ներկայ Գտնուած Է Ոստիկանութեան Օրուայ 101-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Հանդիսաւոր Նիստին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան օրուայ 101-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին: Մինչ այդ Ոստիկանութեան ծառայողները հանդէս եկած են հանդիսաւոր շքերթով:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, իր խօսքի մէջ վարչապետ Փաշինեան, մասնաւորապէս նշած է,- «Անկախ ամէն ինչէն՝ ոստիկանութիւնը պետականութեան յենասիւնն է եւ մենք պէտք է այս իրողութիւնը յստակ եւ միանշանակ գիտակցինք ու արձանագրենք, որ ոստիկանութեան գործառոյթներու բարձր մակարդակի իրականացումը առաջին հերթին պետութեան բարձր մակարդակի վկայութիւնն է»:

Ոստիկանութեան օրուան առիթով հասարակական կարգի պահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդի համար ՀՀ վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրուած են շարք մը բարձրաստիճան ոստիկաններ:      

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *