Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Գերմանիոյ Սահմանադրական Դատարանի Նախագահի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Դաշնային սահմանադրական դատարանի եւ երկրորդ ծերակոյտի նախագահ Անտրէաս Ֆոսքուլէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպումին նախագահ Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատած է Գերմանիոյ ու գերմանացի փորձագէտներու դերը Հայաստանի օրէնսդրական դաշտի բարեփոխումներ իրականացնելու գործին մէջ:

Զրուցակիցները կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան շարունակութիւնը ոչ միայն իրաւական հարթութեան, այլեւ գիտական, կրթական ու տնտեսական ոլորտներուն մէջ: Անոնք ընդգծած են, որ Հայաստանի ու Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ գործակցութեան խորացման մեծ ներուժ կայ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *