Հայաստանի Անտառներուն Նուիրուած Միջազգային Խորհրդաժողով՝ Հոկտեմբերին

Հայաստանի Ծառատունկ (Armenia Tree Project (ATP)) բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Յակոբեան» բնապահպանական կեդրոնի համատեղ կազմակերպած եւ՝ «Գագաթնաժողով յանուն անտառների» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 20-23 Հոկտեմբերին։

Ժողովին նպատակն է նպաստել Հայաստանի անտառներու վերաբերեալ քաղաքական որոշումներու բաց ու աշխոյժ քննարկումներուն՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ անտառներու պահպանութեան եւ վերականգնման ոլորտները բարելաւելու համար:

Ժողովին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու ոլորտին վերաբերեալ լիագումար նիստերու, քննարկումներու, զուգընթաց նիստերու, ինչպէս նաեւ այցելելու Հայաստանի անտառները: Տեղի պիտի ունենան նաեւ այցելութիւններ տեսարժան վայրեր եւ այլ հանդիպումներ:

Ժողովին օրակարգը, բանախօսներուն ցանկը եւ արձանագրութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւններ ու այլ մանրամասննութւններ պիտի հրապարակուին Յունիսին:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (+374) 60-612520 թիւին, ace@aua.am հասցէին կամ այցելել՝ https://forestsummit.am կայքը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *