Հանդիպում՝ Լիբանանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան զեկուցեց Արցախի զարգացման ծրագիրներուն եւ կառավարութեան կողմէ  ճշդուած առաջնահերթութիւններուն մասին՝ կարեւոր նկատելով ԱՌԻ-իներդրումային եւ յատկապէս բնակարանային ծրագիրներու իրականացումը։ Իրհերթին, Շահումեանի վարչական շրջանի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան զեկուցեց իր ղեկավարած շրջանի ընձեռած զարգացման կարելիութիւններուն մասին՝ եւ յատկապէս խօսելով գիւղատնտեսութեան, անասնապահութեան, մեղուաբուծութեան, վանքային համալիրներու եւ կոթողներու առումով զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մասին։

Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ Արցախի պետական հիւրերը պատասխանեն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *