Հայաստանի Եւ Արցախի Ղեկավարները Անդրադարձած Են Ընկերատնտեսական Համատեղ Ռազմավարական Ծրագիրներու Ուղղութեամբ Նախատեսուող Քայլերուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ առանձնազրոյցին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է ընկերատնտեսական ոլորտին մէջ համատեղ ռազմավարական ծրագիրներու իրականացումին ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով: Զրուցակիցները  միտքեր փոխանակած են երկու հայկական պետութիւններու ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան եւ այս ուղղութիւններով գործակցութեան վերաբերող թեմաներու շուրջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *