Հրապարակուեցան ՀՀ Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  «Իմ Քայլը»` 70.44, ԲՀԿն՝ 8.27, ԼՀԿն՝ 6.37 տոկոս. ԿԸՅն Հաստատեց ԱԺ Արտահերթ Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքներու Արձանագրութիւնը

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կազմեց Դեկտեմբեր 9ին կայացած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքներու արձանագրութիւնը: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ անիկա միաձայն հաստատուեցաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի՝ Դեկտեմբեր 10ի արտահերթ նիստին:

«Առաւօտեան ժամը 08:00ին տեղամասային ընտրական յանձնաժողովները աւարտած էին քուէարկութեան արդիւնքներու տուեալներու մուտքագրումը համակարգիչ, որուն հիման վրայ ալ ԿԸՅն նախնական արդիւնքներու վերաբերեալ կազմած է արձանագրութիւն»,- ըսաւ Մուկուչեանը:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով՝ կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներուն միջեւ ընտրողներու քուէները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով.

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է 4.7 տոկոս կամ 59068 ձայն, «Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւնը` 0.68 տոկոս կամ 8533  ձայն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` 3.89 տոկոս կամ 48822 ձայն, «Իմ քայլը» դաշինքը` 70.44 տոկոս կամ 884849 ձայն, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը` 6,37 տոկոս կամ 80049 ձայն, «Քրիստոնէա-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւնը` 0.51 տոկոս կամ 6460 ձայն, «Ազգային յառաջընթաց» կուսակցութիւնը` 0.33 տոկոս կամ 4122 ձայն, «Մենք» դաշինքը` 2 տոկոս կամ 25174 ձայն, «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը` 0.99 տոկոս կամ 12390 ձայն, «Սասնայ ծռեր» համահայկական կուսակցութիւնը` 1.82 տոկոս կամ 22868 ձայն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 8.27 տոկոս կամ 103837 ձայն:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *