Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ԱԺ Ընտրութիւնները Կը Համարէ Ներքաղաքական Զարգացումներու Կարեւոր Հանգրուան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները դարձան Հայաստանի մէջ վերջին ամիսներուն ընթացող ներքաղաքական զարգացումներու կարեւոր հանգրուան: «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ ՆՍՕՏՏԳարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր ուղերձը յղած է ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու առիթով:

«Հայրենի մեր երկրում տարւոյս Դեկտեմբեր 9ին տեղի ունեցան ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ՝ դառնալով կարեւոր հանգրուան Հայաստանում վերջին ամիսներին ընթացող ներքաղաքական զարգացումների: Մեր օրհնութիւնն ենք բերում սիրեցեալ մեր ժողովրդին, ինչպէս եւ կուսակցութիւններին, որ ապագայի հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցումով մասնակցութիւն բերեցին խորհրդարանական ընտրութիւններին: Մեր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքներն ենք յղում «Իմ քայլը» դաշինքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւններին, որոնք արժանացան մեր ժողովրդի վստահութեանը՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելով մեր երկրի ապագայի համար: Աղօթում ենք, որ Տէրը յաջողութիւններ պարգեւի նորընտիր խորհրդարանի աշխատանքներին՝ յանուն մեր հայրենիքի առաւել զօրացման եւ բարօր ապագայի կերտման»,- ըսուած է ուղերձին մէջ:

Վեհափառը նաեւ նշած է, որ առաքելական սուրբ եկեղեցին, ինչպէս միշտ, իր ջանքերը պիտի բերէ մեր պետականութեան ամրապնդման, ազգային համերաշխութեան զօրացման եւ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման հարցին մէջ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *