Նիկոլ Փաշինեան Յանձնարարած Է Ձեւաւորել Աշխատանքային Խումբ՝ Աղէտի Գօտիի Խնդիրներու Իրական Պատկերը Յստակացնելու Նպատակով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կիւրմրիի քաղաքապետարանի նիստերու դահլիճին մէջ երէկ կայացած է Սպիտակի երկրաշարժի 30րդ տարելիցին նուիրուած ՀՀ կառավարութեան արտագնայ նիստ, որ վարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ արտագնայ նիստի մեկնարկէն առաջ կառավարութիւնը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը:

Անցնելով օրակարգային հարցերուն՝ գործադիրը հաւանութիւն տուած է ««Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Օրինագիծով կ’առաջարկուի Դեկտեմբեր 7 նշել որպէս երկրաշարժի զոհերու յիշատակի եւ աղէտներուն դիմակայունութեան օր:

«Այս որոշմամբ մենք, ըստ էութեան, արձանագրում ենք նաեւ այն անհրաժեշտութիւնը, որ Հայաստանում շարունակաբար պէտք է բարձրացուի աղէտների դիմակայութեան, պաշտպանուածութեան մակարդակը»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան՝ յաւելելով, որ այդ նպատակին համար անհրաժեշտ է ունենալ ռազմավարութիւն եւ միջոցառումներու յստակ ծրագիր:

Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը յանձնարարած է ձեւաւորել աշխատանքային խումբ, որ պիտի զբաղի հաշուառմամբ ու աշխատանքի աւարտին պիտի ներկայացնէ աղէտի գօտիի խնդիրներու իրական պատկերն ու վիճակագրութիւնը։ Աշխատանքային խումբը կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ վարչապետին զեկոյց կը ներկայացնէ 2 ամիսը մէկ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *