«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 1988-ի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս այսօր Գիւմրիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Փաշինեան ժամը 11:41-ին ծաղկեպսակ դրած է Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին, ներկայ գտնուած է զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան:
Վարչապետի պաշտօնակատարը հանդէս եկած է ելոյթով, ուր նշած է.
«Երկրաշարժէն 30 տարի անց աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացուած չէ: Երբ կ՛ըսենք աղէտի գօտի, առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենանք, թէ որքանով վերականգնուած է մարդոց վստահութիւնը սեփական ուժերու նկատմամբ, որքանով վերականգնուած է լաւատեսութիւնը վաղուան օրուան նկատմամբ, որքանով վերականգնուած է յոյսը, որ զոհերու կիսատ մնացած գործերը եւ երազանքները պիտի դառնան իրականութիւն: Աղէտի գօտիի վերականգնման այսպիսի հայեցակարգը աւելի կարեւոր է եւ անհրաժեշտը»,- ըսած է ան։
Ան յոյս յայտնած է, որ մարդոց վստահութիւնն ու լաւատեսութիւնը պիտի վերականգնուի:
«Ձեր ցաւերը իմ սրտի, ձեր կարիքները իմ մտքին, ձեր երազանքները իմ հոգիին մէջ են եւ վստահութիւն կը ներշնչեն ըսելու, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ամէն ինչ իսկապէս շատ լաւ պիտի ըլլայ»,- ըսած է Փաշինեան:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը, ՀՀ կառավարութեան անդամները, Երեւանի քաղաքապետը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ Նիքոլայ Գրեչուշկին, ԱՄՆ Քանզասի նահանգապետ Ճեֆ Քոլյըր: