Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կիւմրիի Մէջ Ներկայ Գտնուած Է «Հարսանիք Թիկունքում» Ներկայացումին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Շիրակի մարզ գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ Կիւմրիի մէջ ներկայ գտնուած է Վարդան Աճեմեանի անուան դրամատիկական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ ընդմիջումի ու ներկայացումի աւարտէն ետք նախագահը հանդիպած է դերասանական կազմի եւ թատրոնի ներկայացուցիչներուն հետ:

Անկեղծ ու անմիջական զրոյցի ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնելով հիանալի խաղին համար, նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Կիւմրիի մէջ գտնուիլն իրեն համար այցելութիւն չէ, այլ սովորական կեանքի մէկ մասը:

«Ամէն անգամ գալիս եմ ու գալու եմ որպէս իմ տուն, նաեւ այս թատրոն: Ուրախ եմ, որ այս թատրոնն ունի Աճեմեանից եկող շարունակութիւն»,– նշած է ան:

Նախագահը խոստացած է, որ այսուհետեւ ալ յաճախակի պիտի գայ, իր խօսքով, Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաքը, որ ունի իր ուրոյն դէմքը: Ան ըսած է, որ պիտի ձգտի ամէն ինչ ընել, որպէսզի Կիւմրին վերագտնէ իր դէմքը, որպէսզի բոլորը հասկնան՝ հայրենիքը շատ աւելի մեծ է, քան մայրաքաղաքը:

«Հայաստան եկողը պէտք է գայ ու հին քաղաքը, մշակոյթն այստե՛ղ տեսնի, այս քաղաքում, որտեղ այնքան արուեստ ու պոեզիա կայ»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *