«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան Նոյեմբերին 27ին ընդունած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի Սուրիա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Նորա Արիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան այցելած է Սեւծովեան տնտեսական գործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 52րդ լիագումար նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արա Պապլոյեան ողջունելով հիւրերը անդրադարձած է երկու ժողովուրդներու պատմական անցեալին ու աւանդոյթներուն, տարբեր ձեւաչափերով արդիւնաւէտ գործակցութեան:
Խօսելով տարածաշրջանային խնդիրներուն մասին` խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ Սուրիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ յոյս յայտնած է, որ շուտով խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը հաստատուի:
Անդրադառնալով երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման ու զարգացման` Ազգային ժողովի նախագահը անհրաժեշտ համարած է խորհրդարանականներու աշխոյժ շփումներն ու փոխայցերը:
Հիւրերը, բարձր գնահատելով արդիւնաւէտ գործակցութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանին՝ դժուար պահերուն իրենց կողքին ըլլալու եւ սուրիացի ժողովուրդին սատարելու համար:
Պատուիրակութեան անդամները Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ բարձր գնահատած են հայ համայնքի դերը, որ Սուրիոյ հասարակութեան անբաժան մասն է եւ մեծ ներդրում ունի երկրի զարգացման գործին մէջ: