Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելու Փաստը Մտահոգիչ Է Եւ Անընդունելի. Էդուարդ Շարմազանովը՝ Սլովաքիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Անթալիա գտնուող ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը Հոկտեմբեր 9-ին հանդիպած է Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Անտրէյ Տանքոյի հետ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին կողմերը քննարկած են խորհրդարանական երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր, կարեւորած փոխայցերու աշխուժացումը, համագործակցութիւնը բարեկամական խումբերու մակարդակով:

ԱԺ փոխնախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Սլովաքիոյ խորհրդարանին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի կողմէ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» պայմանագիրի ընդունման 70-ամեակին նուիրուած «Խորհրդարանականները ընդդէմ ցեղասպանութիւններու» խորագրով ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցելու համար:

Կողմերը քննարկած են միջխորհրդարանական կառոյցներու մէջ երկու երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններու համագործակցուած աշխատանքի արդիւնաւէտութեան վերաբերող հարցեր: Էդուարդ Շարմազանովը կարեւորած է Սլովաքիոյ խորհրդարանին կողմէ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ վաւերացումը:

Անդրադարձ կատարուած է անվտանգութեան խնդիրներուն: Էդուարդ Շարմազանովը իր մտահոգութիւնը յայտնած է սլովաքեան «MSM Martin» ընկերութեան կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքի կապակցութեամբ՝ զայն համարելով մտահոգիչ եւ անընդունելի:

«Այդ պետութիւնը զէնքը կը կիրարկէ Արցախի խաղաղ բնակիչներուն դէմ»,- ընդգծած է խորհրդարանի փոխխօսնակը:

Կողմերը կարեւորած են բոլոր հակամարտութիւններու, այդ կարգին՝ ԼՂ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումը: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *