Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 7-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ան շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՌԴ նախագահին՝ բարեմաղթութիւններ կատարելով անոր ծննդեան օրուան առթիւ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *