Մեր Արտաքին Քաղաքականութեան Օրակարգին Վրայ Չկան Կտրուկ Շրջադարձեր. ՀՀ Վարչապետը Ելոյթ Ունեցած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 73-րդ Նստաշրջանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին հանդէս եկած է ելոյթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Փաշինեան առաջին հերթին շնորհաւորած է տիկին Մարիա Ֆերնանտա Էսբինոսա Կարսեսը՝ Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ եւ բոլորին մաղթած է արդիւնաւէտ քննարկումներ անոր նախագահութեան ներքոյ:

Այնուհետեւ ան հակիրճ անդրադարձած է մենատիրական իշխանութեան նկատմամբ տարուած յաղթանակին: Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանի ժողովուրդը յաջողեցաւ իրականացնել անկանխատեսելի եւ աննախադէպ յեղափոխութիւն՝ առանց բռնութեան, զոհի կամ հասարակական անկարգութեան:

«Եւ ատիկա պատահական չէր: Մեր նպատակը սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն կատարելն էր: Ի սկզբանէ մենք յայտարարեցինք, որ բացառելու ենք ցանկացած բռնութիւն: Մենք յայտարարեցինք, որ եթէ նոյնիսկ բռնութիւն գործադրուէր մեր դէմ, մենք չէինք արձագանգի բռնութեամբ: Մենք յայտարարեցինք, որ մեր պատասխանը դրսեւորուելու էր վեր բարձրացրած բաց ձեռքերով, սիրով ու ժպիտով:
Մենք այս քաղաքական գործընթացն սկսեցինք ընդամէնը մէկ տասնեակ մարդկանց հետ քայլարշաւ կատարելով Հայաստանի երկրորդ քաղաքից` Կիւմրիից դէպի մայրաքաղաք: Երբ հասանք Երեւան եւ ցոյց տուեցինք մեր վճռականութիւնն ու հաւատարմութիւնը բռնութիւն չկիրառելու սկզբունքին, մեր ամբողջ ազգը միահամուռ եւ համերաշխ կերպով ոտքի կանգնեց ընդդէմ իշխող վարչակարգի: Եւ մենք յաղթեցինք բացառապէս խաղաղ ցոյցերի միջոցով՝ առանց գէթ մէկ կրակոցի եւ առանց զոհերի: Մենք յաջողեցինք հակառակ բոլոր կանխատեսումների. նոյնիսկ յայտնի փորձագէտները թերահաւատ էին մեր յաղթանակի նկատմամբ»,- ըսած է վարչապետը:

Ապա կառավարութեան ղեկավարը յայտնած է, որ իրապէս ազատ, արդար եւ մրցակցային ընտրութիւններ իրականացնելու համար կարեւոր քննութիւն էին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները: Այն հանգամանքը, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ բոլոր թեկնածուները շնորհաւորեցին յաղթող թեկնածուն, կը խօսի Հայաստանի մէջ քաղաքական նոր մշակոյթի հաստատման մասին:

«Այդ նոյն ոգով մենք պատրաստուում ենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների: Ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւնները պէտք է դառնան եւ կը դառնան Հայաստանում անշրջելի իրականութիւն, որը կը յանգեցնի ուժեղ ու կենսունակ ժողովրդավարական ինստիտուտների եւ հակակշիռների գործուն համակարգի կայացմանը,- շեշտած է Փաշինեան եւ ապա աւելցուցած:- Ստանձնելով պատասխանատուութիւն` մեր թիմն ունի յստակ տեսլական եւ հզօր քաղաքական կամք` իրականացնելու հիմնարար բարեփոխումներ՝ ուղղուած կոռուպցիայի վերացմանը, թափանցիկ, հաշուետու եւ արդիւնաւէտ կառավարմանը, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան, դատական համակարգի անկախութեան ապահովմանը, ինչպէս նաեւ խթանելու տնտեսական աճն ազատ եւ մրցակցային գործարար միջավայրի ու ներդրումների համար նպաստաւոր մթնոլորտի միջոցով»:

ՀՀ վարչապետի դիտարկմամբ՝ չնայած ներքաղաքական կեանքի մէջ տեղի ունեցող արմատական փոփոխութիւններուն՝ ՀՀ-ի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ չկան կտրուկ շրջադարձեր:

«Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան շարունակականութիւնը վկայում է այն մասին, որ Հայաստանը կանխատեսելի եւ յուսալի գործընկեր է: Մեր միջազգային պարտաւորութիւնները ենթակայ չեն վերանայման: Մեր դիրքորոշումը յստակ է. Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան բոլոր գործընկերների հետ: Մենք մտադիր չենք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները մէկ գործընկերոջ հետ՝ միւսի հաշուին: Մենք կարեւորում  ենք բազմակողմանիութեան դերը կլոպալ եւ տարածաշրջանային մակարդակներում»,- ըսած է վարչապետը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումին՝ ան ըսած է, որ վերջինս կը շարունակէ գերակշիռ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ:

«Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը լինելու է Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնը բանակցային գործընթացում: Հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու ցանկացած փորձ ուղղակի սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքների համար: Հայաստանը կը շարունակի իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացում ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահների ձեւաչափով, որին էլ տրուած է հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանաչուած միակ մանդատը: Ազրպէյճանը պէտք է փոխի բանակցութիւնների հանդէպ իր անյարգալից վերաբերմունքը, պէտք է լիովին հրաժարուի ցանկացած ռազմական լուծման գաղափարից եւ իրագործի բոլոր նախորդ համաձայնագրերը»:

Փաշինեանի խօսքով՝ 2018 թուականը այն տարին է, երբ կը նշուի մարդու իրաւունքներուն առնչուող երկու կարեւորագոյն փաստաթուղթերու՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին եւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման ու դատապարտման մասին համաձայնագիրի 70-ամեակը: Այդ փաստաթուղթերէն իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական պատմութիւնը եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձած է միջազգային իրաւունքի զարգացման համար անկիւնաքար:

«Նրանք մեզ համար հիմք ծառայեցին Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ կլոպալ համաժողովի նիստերի շարք նախաձեռնելու համար: Այս տարի այն նուիրուած կը լինի կրթութեան, մշակոյթի եւ թանգարանների միջոցով ցեղասպանութեան կանխարգելմանը: Ակնկալում եմ ձեր ներդրումն ու գործուն մասնակցութիւնը Ֆորումի աշխատանքներին»:

Վարչապետ Փաշինեան ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ մասնակցած է նաեւ «Խաղաղապահ գործողութիւններ» թեմայով բարձր մակարդակի քննարկումներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *