Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան յայտնած է հրաժարական ներկայացնելու որոշումին մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Մելիքեան գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:
«Երէկ հրապարակած ենք Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յատուկ զեկոյցը Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան փաստերու վերաբերեալ` ատով ըստ էութեան աւարտելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմի առթիւ մեր սկսած փաստահաւաք գործառոյթը: Թէեւ մեր հաստատութիւնը աշխուժօրէն իրականացուցած է ու կ’իրականացնէ ծաւալուն գործունէութիւն տարբեր ուղղութիւններով, նշուած գործառոյթը յատուկ կարեւորած եմ ի սկզբանէ:
Այդ գործը աւարտին հասցնելէ ետք արդէն ինծի իրաւունք կը վերապահեմ ի կատար ածելու դեռեւս մէկ-երկու ամիս առաջ կայացուցած անձնական որոշումս, որ է` հրաժարական ներկայացնել Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնէն:
․․․ Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ողջ աշխատակազմին: Կը հպարտանամ ձեզմէ իւրաքանչիւրով:
Հրաժարական տալով այս պաշտօնէն` երբեք հրաժարական չեմ տար Արցախէն, մեր համազգային իղձերէն ու մեր «ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամէն: Ես Արցախ պիտի ըլլամ յաճախ եւ պիտի փորձեմ ուժերուս ներածի չափով օգտակար ըլլալ»,- գրած է ան: