«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի նախագահ Մարիա Ֆերնանտա Էսբինոսայի եւ Զուիցերիոյ նախագահ Ալան Պըրսեթի հետ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նիստի ծիրէն ներս:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն Չորեքշաբթի յետմիջօրէին (Պէյրութի ժամով) հանդէս գայ ուղերձով, ուր պիտի կեդրոնանայ տեղական եւ տարածաշրջանային խնդրիներու վրայ, ներառեալ սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամը:
Ուղերձէն ետք Աուն պիտի հանդիպի Կուտերեշի, իսկ այնուհետեւ արաբ եւ օտար շարք մը քաղաքական գործիչներու հետ: