Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը արձանագրած է ընկերային ցանցերու վրայ առկայ գրառումները, ըստ որոնց՝ քուէարկողներուն կը պարտադրուի կամ կոչ կ’ըլլայ լուսանկարելու քուէարկած քուէաթերթիկն ու այդ կերպ ապացուցելու քուէարկութեան ստոյգ արդիւնքը:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը, ՄԻՊ գրասենեակը կը յիշեցնէ, որ այդպիսի գործընթացը կը խախտէ ընտրական իրաւունքը։
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անհրաժեշտ կը համարէ բոլոր քաղաքացիներուն յիշեցնել, որ քրէական օրէնսգիրքը յանցանք կը համարէ քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու նպատակով ընտրողին քուէարկութեան արդիւնքը յայտնելուն հարկադրելը, քուէարկութեան արդիւնքը բացայայտելու նպատակով քուէարկած քուէաթերթիկը ստուգելը, քուէարկութեան խցիկ (սենեակ) մուտք գործելը, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան գաղտնիութիւնը այլ կերպ խախտելը: Այս արարքը կը պատժուի տուգանքով` 500․000-700․000 դրամի չափով, կամ ազատազրկումով` 2-5 տարի ժամկէտով:
Անկէ բացի՝ քուէարկողին կողմէ բաց` երրորդ անձանց (բացառութեամբ քուէարկողին օգնող անձին) համար քուէարկութեան արդիւնքը տեսանելի ձեւով քուէարկելը, ինչպէս նաեւ շահադիտական նպատակով քուէարկութեան գաղտնիութիւնը քուէարկութեան արդիւնքը բացայայտող փաստաթուղթի լուսանկարահանումով կամ տեսաձայնագրումով ստացուած տեղեկութեան հրապարակման միջոցով խախտելը կը պատժուի տուգանքով՝ 100․000-200․000 դրամի չափով»,- նշուած է ՄԻՊ աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնի տարարած հաղորդագրութեան մէջ: