«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 18-ի առաւօտեան աշխատանքային այց կատարած է Արցախի Հանրապետութիւն: Վարչապետին ուղեկցած են ՀՀ ՊՆ Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ԶՈւ-երու ԳՇ պետ, հրամանատար Արտակ Դաւթեանը: Վարչապետը ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն պաշտպանութեան նախարարներ` Դաւիթ Տօնոյեանի, Լեւոն Մնացականեանի, ինչպէս նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Արցախի հիւսիսային հատուածի պաշտպանական դիրքեր:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած են ճարտարապետական եւ ամրաշինական ենթակառուցուածքները, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր արհեստագիտութիւնները, նոր սպառազինութիւնը, դիրքերուն վրայ անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, սարքային յագեցուածութիւնը:
Կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար եւ մաղթած առողջութիւն ու խաղաղ ծառայութիւն:
«Մարտական դիրքեր այցելելու առաջին նպատակն է տեղում իրավիճակին, զինուորների ծառայութեան պայմաններին ծանօթանալը, օպերատիւ իրավիճակի մասին պատկերացում կազմելը: Ամէն ինչ կարգին է, ըստ էութեան կարող ենք վստահաբար ասել, որ ե՛ւ Հայաստանի զինուած ուժերի, ե՛ւ պաշտպանութեան բանակի կողմից իրավիճակը լիովին վերահսկուում է: Հոգով, սրտով մշտապէս զինծառայողների հետ ենք, այնպէս որ պէտք է դուխով լինենք, մեր զոյգ պետութիւնների եւ մեր միասնական ժողովրդի առջեւ ծառացած խնդիրները լուծենք»,- նշած է վարչապետ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը ժամանած է Երեւան: