«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի միջեւ կայանալիք հանդիպումի օրակարգը բաւական լայն է: «Արմէնփրես»–ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:
Իր խօսքով՝ այս հանգամանքը կը խորհրդանշէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակը:
«Մենք Ֆրանսայի հետ կը ծաւալենք համագործակցութիւն թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային ու ընկերային բնագաւառներուն մէջ: Այս բոլոր հարցերը պիտի ըլլան օրակարգի վրայ»,- նշեց խօսնակը:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով Փարիզ կը մեկնի Սեպտեմբեր 14–15: Այնտեղ կը նախատեսուի Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի հանդիպումը: Նիկոլ Փաշինեան կը հանդիպի նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս այցի պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Պրիւքսելի մէջ վարչապետ Փաշինեանի եւ Մաքրոնի միջեւ կայացած հանդիպումի ժամանակ: