Ազրպէյճանական Զինուժը Գնդակոծած Է Բաղանիսը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանական զինուժը Սեպտեմբեր 11-ին գնդակոծած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղը:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնեց Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար Կարէն Աբազեանը:

«Մի քանի օր առաջ ալ կրակած են, երէկ ալ երեկոյեան մի քանի անգամ կրակեցին»,- ըսաւ ան:

Իր խօսքով` վերջին 6 օրուան ընթացքին ազրպէյճանական զինուժը գիւղը գնդակոծած է երկու անգամ: Կարէն Աբազեանը նշեց, որ անցեալին կրակոցները այդքան յաճախակի չէին ըլլար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *