Կը Հաւատամ, Որ Հայաստանի Եւ Վրաստանի Համագործակցութիւնը Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Աւելի Կ’աշխուժանայ. Մամուքա Պախթաձէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէն կը հաւատայ, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ աւելի կ’աշխուժանան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Երեւանի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Վրաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ քննարկած են փոխադրամիջոցներու, ուժաբանութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, մարդասիրական ոլորտին մէջ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:

«Մեր երկիրները անկախութենէն ետք հաստատած են փոխշահաւէտ համագործակցութիւն: Ես կը հաւատամ, որ մեր յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ աւելի կ’աշխուժանան: Մենք քննարկումներու բերումով հասկցանք, որ ունինք չօգտագործուած ներուժ»,- ըսաւ Պախթաձէն:

Վրաստանի վարչապետը նշեց, որ յառաջիկային կը կայանայ հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ, որուն խնդիրը պիտի ըլլայ տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու ծրագիրի մշակումը:

Մամուքա Պախթաձէն նաեւ շեշտեց, որ Վրաստանը կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացումը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *