Կառավարութիւնը Կը Խրախուսէ Ներդրումային Հերթական Ծրագիրը. Կը Ստեղծուի 112 Նոր Աշխատատեղի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 6-ին տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կառավարութեան նիստին քննարկուած է «Երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը սահմանելու, երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստ նշանակելու եւ վճարելու կարգը հաստատելու մասին» որոշումին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը, որ ուղղուած է ընտանիքներու ընկերային պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման, որոնք կը պատրաստուին ունենալու 2-րդ երեխան: Համաձայն գործող կարգի՝ առաջին եւ երկրորդ երեխաներու ծննդեան պարագային, երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կը կազմէ 50 հազար դրամ, երրորդ կամ չորրորդ երեխայի պարագային` 1 միլիոն դրամ, հինգերորդ եւ իւրաքանչիւր յաջորդ երեխայի պարագային` 1 միլիոն 500 հազար դրամ: Այսինքն՝ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափի տարբերակումը կը սկսի երրորդ երեխայէն սկսեալ: Փոփոխութիւններով կ’առաջարկուի երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափերու տարբերակում մտցնել նաեւ երկրորդ երեխայի ծննդեան պարագային: Հետեւաբար, 2018-ի Հոկտեմբեր 1-ին կամ անկէ ետք ընտանիքի մէջ ծնած երկրորդ երեխայի ծննդեան կապակցությամբ տրուող միանուագ նպաստի չափը կ’աւելնայ 3 անգամ` 50 հազար դրամի փոխարէն նաստի չափը կը կազմէ 150 000 դրամ: Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝  2014-2016 թուականներուն երկու կարգաթիւ ունեցող նոր ծնած երեխայի թիւը հետեւեալն է` 16 051, 15 850, 15 032:  2018-ի 2-րդ կիսամեակին երկու կարգաթիւ ունեցող նոր ծնած երեխաներու թիւը կանխատեսուած է 7500: Այս պարագային, պիւտճէական լրացուցիչ միջոցներու պահանջը 2018-ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն կը կազմէ շուրջ 375 մլն դրամ, իսկ 2019-ին եւ հետագայ տարիներուն համար` տարեկան շուրջ 1.5 միլիառ դրամ: Պիւտճէական անհրաժեշտ յատկացումները 2018-ի համար կ’իրականացուին ՀՀ 2018-ի պետական պիւտճէով ընկերային պաշտպանութեան ոլորտի գծով նախատեսուած ընդհանուր յատկացումներու ծիրէն ներս:

Արծարծուած հարցին առնչութեամբ ծաւալուած է միտքերու փոխանակութիւն, հնչած են շարք մը դիտարկումներ, առաջարկներ, մասնաւորապէս զոյգ երեխայի պարագային կրկնապատկել ծննդեան միանուագ նպաստի չափը: Վարչապետին առաջարկով՝ որոշումին ընդունումը յետաձգուած է՝ յաջորդ նիստին յաւելեալ առաջարկներով լրամշակուած տարբերակ ներկայացնելու համար: Կառավարութեան ղեկավարը, ընդգծելով թեմայի կարեւորութիւնը, յոյս յայտնած է, որ ծննդաբերողին ցոյց տրուող բժշկական օգնութեան, ծնելիութեան խթանման համար նախատեսուած գումարները յաջորդ տարի չեն բաւականացներ եւ անհրաժեշտութիւն կ’ըլլայ տարուան կէսին այդ գումարները աւելցնել: «Սա շատ կարեւոր թեմա է, եւ մեզ հարկաւոր է ծնելիութեան բում»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *