«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը անդրադարձած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ մօտ ժամանակներս ծրագրուող հանդիպումին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ին:
«Մօտ ժամանակներս կը ծրագրուի նախագահ Փութինի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ մէկ հանդիպում մը եւս: Կը կարծեմ՝ մեզի համար կարեւոր կ’ըլլայ լսել, թէ Հայաստանի նոր ղեկավարը ինքը ինչպէս կը գնահատէ իր երկրին մէջ իրադրութեան զարգացման հեռանկարները: Ի հարկէ, մենք բնաւ անտարբեր չենք, թէ այս իրավիճակին մէջ ի՛նչ տեսք ունին Հայաստանի պարտաւորութիւնները ՀԱՊԿ-ի հանդէպ: Ի դէպ, այդ պարտաւորութիւնները կը գործեն, անոնք անհրաժեշտ է կատարել ամբողջութեամբ, այդ կարգին՝ անոնք որոնք կը վերաբերին մեր ընդհանուր կազմակերպութեան վարկի ու հեղինակութեան ամրապնդման»,- ըսած է նախարարը՝ ելոյթ ունենալով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի առաջին տարուան ուսանողներուն առջեւ: