Եօթը Տարուան Փոխարէն՝ 7 Օրուան Ընթացքին. Արմէն Սարգսեան՝ Մարդոց Մէջ Քաղաքացի Ըլլալու Զգացումը Արթնցնելու Մասին

Հայաստանը փոքր պետութիւն է, բայց համաշխարհային ազգ, հետեւաբար պէտք չէ անտեսել ստեղծուած հնարաւորութիւնը՝ հայութեան ներուժը Հայաստանին ծառայեցնելու համար: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այսպիսի տեսակէտ արտայայտած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 20 լոյս 21-ին՝ ուղիղ տեսակապով ելոյթ ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող Հարաւային Գալիֆորնիայի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման:

Անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն՝ նախագահը բացառիկ եւ հրաշալի որակած է խաղաղ ցոյցերով սեփական տեսակէտներն ու համոզումները արտայայտելու միջոցով քաղաքական համակարգ փոխելու հնարաւորութիւնը Հայաստանի մէջ: «Կը կարծեմ իբրեւ հայեր պէտք է հպարտանանք այն ամէնով, ինչին հասանք 2018 Ապրիլ-Մայիսին։ Ի հարկէ, ասիկա կը ստեղծէ մեծ ակնկալիքներ ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ միայն երիտասարդ հայերու ծիրէն ներս: Բայց առաջին հերթին երիտասարդ հայերուն կը ստիպէ հաւատալ, որ իրենք են տէրը այս երկրի, ապագայի, արժէքներու եւ ժառանգութեան: Երկրորդն ալ շատ կարեւոր է քաղաքացի ըլլալու, ապագայի համար պատասխանատու ըլլալու զգացումը»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան:

Նախագահը ըսած է, որ երբ իրեն առաջարկեցին նախագահ դառնալ, ինք կը մտածէր, որ ունի 7 տարի տարբեր քննարկումներու, մարդոց քաջալերելու միջոցով հասնելու այն բանին, որ մարդիկ իրենց քաղաքացի զգան՝ ազատօրէն կարծիք արտայայտելու, սեփական հաւատալիքներու համար պայքարելու մղումով, որպէսզի ընտրութեան երթալու ժամանակ ըլլան ազնիւ ու պատասխանատու: Սակայն, ըստ նախագահի, 7 տարուան փոխարէն ատիկա տեղի ունեցաւ 7 օրուան մէջ:

Այս իմաստով Արմէն Սարգսեան մեծապէս կարեւոր համարած է հայկական ներուժի օգտագործումն ու պահը չկորսնցնելը: «Հայաստանէն դուրս ապրող հայերէն շատերը շատ լաւ քաղաքացիներ են այն երկիրներուն մէջ, ուր կ’ապրին, անոնցմէ շատերը միջազգային հանրութեան կողմէ յարգուած ու ճանչցուած գիտնականներ, գործարարներ, քաղաքական գործիչներ են եւ այլն: Ժամանակն է, որ բոլորը գիտակցեն, թէ Հայաստանն իրենց հայրենիքն է, իրենք այս պետութեան կը պատկանի: Այս առիթը օգտագործելով՝ վերակառուցենք մեր երկիրը յանուն ապագայ սերունդներուն»,- նշած է Արմէն Սարգսեան:

Ան ընդգծած է, թէ հայ ազգը բաւականաչափ հասուն եւ իմաստուն է, որ օգտուի այս պատմական հնարաւորութենէն, եւ որ ինքը լաւատես է: «Դուռը պէտք է բաց պահենք, որպէսզի իսկապէս բոլոր հայերը, որոնք կը կարծեն, թէ հայրենիքին տալու բան ունին, հնարաւորութիւն ունենան իրենց գիտելիքը, ժամանակը, կարողութիւնը ներդնել այս երկրին մէջ: Եթէ մենք այդ հնարաւորութիւնը փախցնենք, ես շատ պիտի տխրիմ»,- եզրափակած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *