Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՀ

Նախագահական նստավայրին մէջ, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, Մայիս 21-ին Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ամպիոնին առաջինը մօտեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընթերցելով երդման գիրը. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ կ’երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, հաւատարիմ մնալ կառավարութեան անդամի բարձր կոչումին»: 

Այնուհետեւ հերթով տեղի ունեցաւ կառավարութեան միւս անդամներու երդմնակալութիւնը:

Երդման արարողութեան աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն՝ մաղթելով անոնց բեղմնաւոր ու արգասաբեր աշխատանք՝ ի շահ հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

Կառավարութեան երդմնակալութիւնը նորամուծութիւն է Հայաստանի քաղաքական եւ պետական կառավարման մշակոյթին մէջ: 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *