Գերմանիան Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարական Եւ Տնտեսական Բարեփոխումներուն

Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանը Մայիս 16-ին հանդիպում ունեցած է ԳԴՀ կառավարութեան Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով համակարգող Տիրք Ուիզէի հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումին, հայ-գերմանական երկկողմ յարաբերութիւններուն` քաղաքական, մշակութային, գիտակրթական ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Զրուցակիցները կարեւորած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներու շարունակականութեան ապահովումը, ինչին հետամուտ կերպով իր աջակցութիւնը կը շարունակէ ցուցաբերել Գերմանիոյ կառավարութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներուն:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *