Արմէն Սարգսեան Մասնակցած Է «Անմահ Գունդ» Խորագրով Քայլերթին

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 9-ին մասնակցած է «Անմահ գունդ» խորագրով քայլերթին, որ կազմակերպած է «Հայաստանի Անմահ գունդ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ: Քայլերթի նպատակն է մեր փառահեղ յաղթանակներու օրուան` եռատօնի խորհուրդը եւ անոր վերաբերեալ յիշողութիւնները պահպանել ու փոխանցել սերունդներուն: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին տեղեկացուած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:

Քայլերթի մասնակիցները իրենց ձեռքը բռնած են Հայրենական Մեծ պատերազմի, Արցախեան ազատամարտի եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու լուսանկարները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *