Ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կառավարութիւն չկայ:
Փաշինեան այս կարծիքը յայտնած է «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքին ընթացքին: Ան նաեւ նշած է, թէ իրենք վճռած են իրենց պայքարը շարունակել մինչեւ վերջ: Փաշինեան վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանէն պահանջած է լքել իր պաշտօնը եւ չայցելել որեւէ կառավարական շէնք: Աւարտին ան կոչ ուղղած է իր համախոհներուն վաղը ամբողջ օրը հանդէս գալ բողոքի խաղաղ ցոյցերով, իսկ երեկոյեան մասնակցիլ «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին: