ՀՀ Ոստիկանութիւնը Կոչ Կ’ընէ Կանխել Ու Բացառել Պատանիներու Մասնակցութիւնը Երթերուն Եւ Հանրահաւաքներուն

ՀՀ ոստիկանութիւնը կոչ ըրած է կանխել ու բացառել պատանիներու մասնակցութիւնը երթերուն եւ հանրահաւաքներուն` ապահովելով անոնց անվտանգութիւնը:

«Այս օրերուն երթեր ու ցոյցեր տեղի կ’ունենան Երեւանի շարք մը հատուածներուն մէջ, մասնաւորապէս կեդրոնի որոշ խաչմերուկներուն եւ Բաղրամեան պողոտային վրայ: Ոստիկանութիւնը, իր լիազօրութիւններու ծիրէն ներս հասարակական կարգի ապահովման գործառոյթներ իրականացնելով, նոյնպիսի իրաւայարգութիւն կ’ակնկալէ նաեւ զանգուածային միջոցառումներու կազմակերպիչներէն: Ակնկալութիւնը, սակայն, ցաւօք, յաճախ համապատասխան արձագանգ չի ստանար: Ի մասնաւորի ցուցարարներու շարքին քիչ չեն դեռահասներն ու պատանիները, որոնց մասնակցութիւնը քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններուն ոչ միայն անցանկալի, այլեւ լեցուն է վտանգաւոր հետեւանքներով: Հասարակական կարգի կոպիտ խախտումներու եւ այլ քաղաքացիներու կեանքին ու առողջութեան վտանգ սպառնալու պարագային ոստիկանական ուժերը իրաւունք ունին դիմելու համապատասխան գործողութիւններու եւ յատուկ միջոցներու կիրարկման, ու բացառուած չէ, որ յառաջացած խուճապի պարագային, ինչպէս եւ ցուցարարներու անհնազանդութեան անկանխատեսելի ու վտանգաւոր գործողութիւններուն հետեւանքով, առաջին հերթին, լրջօրէն տուժեն դեռահասները: Զանգուածային միջոցառումներու պատասխանատուներուն կոչ կ’ընենք նկատի ունենալ այս հանգամանքը եւ կանխել ու բացառել պատանիներու մասնակցութիւնը երթերուն եւ հանրահաւաքներուն` ապահովելով անոնց անվտանգութիւնը: Ծնողներէն կը խնդրենք, որ ուշադիր ըլլան իրենց զաւակներուն եւ անոնց ետ պահել վտանգաւոր իրավիճակներէ, զորս կրնան վտանգել անոնց կեանքն ու առողջութիւնը: Չմոռնանք, որ բոլոր պարագաներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն պատասխանատուն մենք ենք, եւ անոնց անվտանգութեան ապահովումը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ կը նշուի ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *