Հայկական Բանակը Իր Կառոյցին Մէջ Գիտական Վաշտ Պիտի Ունենայ

Հայաստանի կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է որոշման նախագիծ մը, որուն հաստատումով առանձնակի յաջողութիւններու հասած երիտասարդներ զինուորական ծառայութենէ ժամանակաւորապէս պիտի ազատուին:

Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի՝ Ազգային ժողովին մէջ Ապրիլ 11 -ին այս նախագիծին մասին խօսեցաւ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան՝ պատասխանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանի հարցումին:

«Յառաջիկայ նիստերէն մէկուն մէջ նախագիծը կառավարութեան որոշման տեսքով պիտի ընդունուի: Նախագիծին մէջ եղած չափորոշիչները կարելի է հիմք ընդունիլ»,– ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ գործնական քայլերու կը ձեռնարկուին զինուած ուժերու կառոյցին մէջ գիտական վաշտ ձեւաւորելու ուղղութեամբ՝ այն նորակոչիկներուն համար, որոնք իրենց գիտելիքները կրնան ծառայեցնել զինուած ուժերու հարցերու լուծման:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *