452.7 Միլիոն Դրամ Կը Յատկացուի Աղէտի Գօտիի 44 Ընտանիքներու Բնակարանային Հարցերը Լուծելու Նպատակին

Պետական պիւտճէէն 452.7 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի աղէտի գօտիի բնակավայրերու երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարանային հարցերու լուծման նպատակին: Այս մասին կը հաղորդէ «PanArmenian.net»-ը։

Ծրագիրէն պիտի օգտուի Լոռիի մարզի գիւղական բնակավայրերու կիսակառոյց բնակելի տուներ ունեցող 44 ընտանիք:

Ուղղակի դրամական աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի այս ընտանիքներուն, անմիջապէս որ անոնք իրենց կիսակառոյց բնակարաններու շինութիւնը աւարտին հասցնելու պայմանագիր կնքեն շինարարակական ընկերութեան մը հետ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *