Նախագահը Շնորհաւորած Է Ապտելֆաթթահ Ալ Սիսիին Եգիպտոսի Նախագահի Պաշտօնին Վերընտրուելու Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 2-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ապտելֆաթթահ Ալ Սիսիին Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով՝ մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն, իսկ Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին` յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն: Այս մասին «Արմէնփրես»-ը տեղեկացաւ ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէն:

«Հայ-եգիպտական դարաւոր յարաբերութիւնները մշտապէս աչքի զարկած են իրենց առանձնայատուկ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ։ Անցած տարիներու ընթացքին մեզի յաջողուած է զգալիօրէն խորացնել մեր բարեկամ երկիրներու միջեւ առկայ բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը, հաստատել բարձր մակարդակի կայուն երկխօսութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ փոխըմբռնման վրայ»,- ըսուած է Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Նշենք, որ երէկ պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ Ապտելֆաթթահ Ալ Սիսին երկրորդ անգամ ըլլալով Եգիպտոսի նախագահ ընտրուած է: Ան ընտրուած է ձայներու աւելի քան 97 առ հարիւր տոկոսով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *