Ապրիլեան պատերազմէն երկու տարի անց, ուշ պարզուած իրողութիւններու հաշուարկումով աւելի վստահ Վահրամ Աթանեսեանը 2016-ին յայտնած իր միտքը կը յիշեցնէ, թէ 2016-ի Ապրիլը մարտահրաւէր էր ոչ թէ Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահին, այլեւ ամբողջ հայկական պետականութեան համար:
Սինխրոն-Վահրամ-Աթանեսեան-վերլուծաբան
Մեր տղաները կանխեցին Ալեքսադրապոլի պայմանագիրի կրկնութիւնը, զոր պէտք է պարտադրուէր Արցախին ու Հայաստանին: Ապրիլեան քառօրեայ մարտերը բանակի սխրագործութիւններն էին, 18-20 տարեկան տղաներու սխրանքը, որոնք իրենց կեանքի գնով փակեցին հակառակորդի ճամբան:
Վերլուծաբանը կ’ընդգծէ, որ Ապրիլեան պատերազմին հայկական զինուած ուժերը իրենց դերը կատարեցին եւ ձախողութեան մատնեցին ազրպէյճանական բլից-կրիգը: Ապրիլեան պատերազմը ազդակ էր, որ բանակը պատրաստուի վաղուան պատերազմին: Երկու տարի անց ունինք որակապէս նոր առաջնագիծ: Ասիկա Վահրամ Աթանեսեանը Ապրիլեան պատերազմի առաջին դասը կը համարէ:
Սինխրոն-Վահրամ-Աթանեսեան-վերլուծաբան
Բանակի իրավիճակը բաւական փոխուած է՝ դրականօրէն: Ռազմական հաւասարակշռութիւնը կը պահպանուի:
Դաւիթ Պապայեանը մօտ ապագային հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժի հիմքեր չի տեսներ: Յառաջիկայ տարիներուն եւս ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանումը Ալիեւի ախորժակը զսպող հիմնական գործօնը պիտի ըլլայ:
Սինխրոն-Դաւիթ Պապայեան
ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ
հիմա ալ կայ. նոյն Ալիեւը արդէն կը պնդէ, թէ Երեւանն ալ իրենց կը պատկանի:
Ապրիլեան պատերազմէն հետեւութիւններ ըրած են նաեւ միջնորդները: Մինսկի խումբի ձեւաչափը իր կենսունակութիւնը ապացուցեց, սակայն Ապրիլէն ետք առաջնահերթութիւնները վերանայուեցան: Առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ բանակցութիւններու համար անհրաժեշտ միջավայրի ապահովման հարցին: Միւս կողմէն, Ապրիլեան պատերազմէն ետք միջազգային հանրութեան համար աւելի ընկալելի դարձաւ անկախ Արցախի գոյութեան փաստը:
Սինխրոն-Դաւիթ Պապայեան
ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ
Ապրիլեան պատերազմը որոշ ձեւով խթանեց Արցախի հետ փոխգործակցութիւնը: Արցախը արդէն սկսաւ ընդունուիլ որպէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարող պետութիւն:
Արցախի մէջ չեն բացառեր նոր բռնկումներու հաւանականութիւնը: Կարեւոր է, որ պատրաստ ըլլան բոլորը եւ միշտ:
Ապրիլեան պատերազմի 2-րդ տարելիցին Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարն ու երիտասարդները ծաղիկներ խոնարհած են նահատակներու շիրիմներուն: Իսկ Արցախի հիւսիսային սահմանագլուխին հիմնական ըսելիքը շինարարներունն է. Մարտակերտն ու Մատաղիսը արդէն բուժած են վէրքերը. համայն հայութեան աջակցութեամբ կը շարունակուի Ապրիլեան պատերազմին աւերուած Թալիշի վերականգնումը:
Ն. Յովսէփեան, Տ. Սարգսեան