Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի Մէջ Ականի Պայթիւնի Պատճառով Զոհուած Է 3, Իսկ Վիրաւորուած Է 2 Սակրաւոր

Մարտ 29-ի կանուխ առաւօտեան տարածուեցաւ լուրը, որ հակահրասայլային ականի պայթիւնէն «HALO Trust» կազմակերպութեան մեքենան վնասուած է: Կազմակերպութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ հաստատեց տեղեկութիւնը: Դէպքը տեղի ունեցած է Մարտակերտի շրջանի Ղազանչի գիւղին մէջ: «Խոր վիշտով կը յայտնեմ, որ Մարտ 29-ի առաւօտեան Մարտակերտի շրջանի Ղազանչի գիւղին մէջ հակահրասայլային ականի պատահական պայթիւնի հետեւանքով երեք աշխատակից մահացած է, իսկ երկուքը՝ վիրաւորուած: Այդ ժամանակ անձնակազմի անդամները կը գտնուէին մեքենայի մեջ՝ իրականացնելով ականադաշտի հետազօտական աշխատանքներ: Մահացածներու անուններն են՝ Փաւել Յակոբով, Մարատ Պետրոսեան, Սամսոն Աւանեսեան: Վիրաւորներու անուններն են՝ Արամ Մկրտչեան եւ Գարիկ Ղահիրեան»,- նշած է «HALO Trust» կազմակերպութեան ԼՂ ծրագիրի ղեկավար Մայք Նիւթոնը:

Վիրաւորները տեղափոխուած են Հանրապետական բժշկական կեդրոն: Ցուցաբերուած է պահանջուող օգնութիւնը: Բժիշկները կը շարունակեն պայքարիլ անոնց կեանքին համար: «Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի գիւղի տարածքին «The HALO Trust» ականազերծող կազմակերպութեան մեքենայի ականի պայթիւնի արդիւնքով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնը յայտնուած` 1974-ի ծնունդ Արամ Մկրտչեանի վիճակը ծանր է: Տեղեկացնենք, որ Արամի մօտ տեղի կ’ունենար ներքին արիւնահոսութիւն, փայծաղի պատռուածք. կատարուած էր փայծաղի հեռացում»,- երկու վիրաւորներէն մէկուն մասին կը պատմէ Հանրապետական բժշկական կեդրոնի վնասուածքաբան Ալեքսէյ Մաղաքելեանը:

1987-ին ծնած Գարիկ Ղահիրեանի վիճակը չափազանց ծանր է, դրական թեթեւ տեղաշարժ կայ, արեան շրջագայութիւնը կայուն է: «Կեանքին վտանգ սպառնալու հետեւանքով Գարիկի մօտ ստորին զոյգ վերջոյթներու անդամահատում կատարուած էր, հեռացուած էր փայծաղը, երրորդ ու չորրորդ աստիճանի արիւնահոսական ցնցում ունէր, լրացուցիչ հետազօտութիւններու արդիւնքով ի յայտ եկած են ողնաշարի մէջքի մասի երրորդ, չորրորդ ողերու եւ փոքր կոնքի ոսկորներու կոտրուածքներ»,- կը մանրամասնէ Հանրապետական բժշկական կեդրոնի անյետաձգելի բուժօգնութեան բաժանմունքի վարիչ Արտաշ Սայիյեանը:

«HALO Trust»-ի պատասխանատուն կանուխ կը համարէ պատահարին գնահատականներ տալը: Կը վստահեցնէ, որ դէպքը կը քննուի, մանրամասնութիւնները կը ներկայացուին մի՛այն, երբ պարզուին ողբերգութեան բոլոր մանրամասնութիւնները: «Մենք սերտօրէն կ’աշխատինք ԼՂ-ի ոստիկանութեան եւ իշխանութիւններուն հետ, բացի անկէ՝ դուրսէն հրաւիրած ենք փորձագէտներ, որպէսզի կարենանք լիարժէք փաստեր ներկայացնել պատահարի մասին: Ամէն օր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ՀԱԼՈ-ի  անձնակազմի աւելի քան 8,000 անդամներ այնպիսի տեղեր կ’աշխատին, ուր նոյնիսկ մուտք գործելը վտանգաւոր է, եւ այս ողբերգական պատահարը դարձեալ ցոյց կու տայ այն վտանգը, որուն հետ կ’առնչուին մեր աշխատանքի կարեւորութիւնը։ Մեր գործընկերները մահացած են աշխատանքի ժամանակ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար տարածքը ապահով կը դարձնէին»,- ընդգծած է «HALO Trust» կազմակերպութեան ԼՂ ծրագիրի ղեկավար Մայք Նիւթոնը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *