ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կը կարծէ, որ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ կ’առաջադրուի վարչապետի թեկնածու եւ կ’ընտրուի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, ան այս մասին յայտարարեց լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ ի պատասխան այն դիտարկումին, թէ «Ելք»-ը, մասնաւորապէս, անընդմէջ կը յիշեցնէ Սերժ Սարգսեանի՝ տարիներ առաջ ըրած յայտարարութիւնը այն մասին, թէ ան այլեւս պիտի չառաջադրուի:
«Կը կարծեմ, ամէն ինչ իր ժամանակին, տեղին կը կատարուի: Ժողովուրդը ընտրութիւններուն իր ձայնը տուած է հանրապետականներուն: Ընդհանրապէս կեանքը որպէս անառարկելի ճմարտութիւն ընդունուող դրոյթ մը չէ, որ եթէ այսօր բան մը ըսինք, պէտք է անպատճառ կատարուի: Կեանքը կը զարգանայ, կը փոխուի: Իւրաքանչիւր պահ ունի իր տրամաբանութիւնը: Այսօր տուեալ իրավիճակին, կը կարծեմ, հանրապետութեան նախագահը Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ կ’առաջադրուի վարչապետի թեկնածու եւ կ’ընտրուի: Երբ մարդիկ քաղաքականութեան մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն, անոնք ալ որոշակի փորձ, գիտելիք եւ կապեր ունին, եւ այդ բոլորը միանգամայն մէկ կողմ դնելը ճիշդ չէ: Մեզի համար աւելի ընդունելի է, որ ինչքան շատ փորձուած մարդիկ ըլլան ղեկավարութեան մէջ, երկիրը այդքան կրնայ շահիլ»,- ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան՝ բերելով Գերմանիոյ օրինակը:
Լրագրողներու այն դիտարկումին, թէ Գերմանիոյ մէջ իրավիճակը տարբեր է, Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ որեւէ հակասահմանադրական քայլ չ’առնուիր: «Ամէն ինչ տեղի կ’ունենայ Սահմանադրութեան շրջանակին մէջ, օրէնքի որեւէ խախտում չկայ»,- եզրափակեց ան:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 9-ին կ’աւարտէ պաշտօնավարումը: Հայաստանը կ’անցնի խորհրդարանական կառավարման համակարգի: Ապրիլ 17-ին ՀՀ Ազգային ժողովը կ’ընտրէ նոր վարչապետ: