Մարտ 15-ին՝ ժամը 17:30-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ փորձերու ժամանակ տեղի ունեցած արկածի մը հետեւանքով զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Էտկար Գէորգ Երեմեանը:
Արցախի ՊՆ-էն կը յայտնեն, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն, յարուցուած է քրէական գործ:
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: