2018 պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն` Պաշտպանութեան բանակի զօրավարժարաններուն մէջ Մարտ 12-ին մեկնարկած են հրասայլային վարժութիւններ, որոնք նպատակ ունին ուսուցանելու գործնականի մէջ կիրառելու անձնակազմի տեսական գիտելիքները, կատարելագործելու անոնց մասնագիտական ունակութիւնները եւ բարձրացնելու մարտական խնդիրներու կատարման ընթացքին ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու ունակութիւնները:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` մարզումներուն ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի կրակի վարման ձեւերուն ու եղանակներուն, մարտական իրադրութեան համապատասխան պայմանական հակառակորդի նշանակէտերու խոցման առանձնայատկութիւններուն: