Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է ԱՄՆ-Ի Մէջ ԱՀ Մշտական Ներկայացուցչութիւն Եւ ՀՀ Դեսպանատուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 13-ին այցելած է Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւն եւ հանդիպում ունեցած աշխատակիցներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են կառոյցի աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահը կարեւոր համարած է ԱՄՆ-ի հետ փոխգործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը` ընդգծելով, որ անոր համար ներկայացուցչութիւնը պէտք է շարունակէ իրականացնել ամէնօրեայ արհեստավարժ աշխատանք եւ յստակ յանձնարարականներ տայ այդ ուղղութեամբ:

Մարտ 13-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ նաեւ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպած ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի եւ դիւանագիտական անձնակազմի հետ:

Քննարկուած են ԱՄՆ-ի եւ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ համագործակցութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը հանդիսանայ նախատեսուած ծրագիրներու յաջող իրականացման առանցքային գործօններէն մէկը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *