Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ժխտման Ճարտարապետները» Ֆիլմին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

«Մոսկուա» կինոթատրոնին մէջ Մարտ 5-ին տեղի ունեցաւ «Ժխտման Ճարտարապետները» («Architects of denial») ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը: «Սուփըրման»-ի ֆիլմաշարի հեռատեսիլային տարբերակի գլխաւոր դերակատար Տին Քէյն եւ արտադրող Մոնթել Ուիլեըմս հայ հանդիսատեսին ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմը: Անիկա նուիրուած է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու այն քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը փորձեն խոչընդոտել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Ֆիլմին համաշխարհային անդրամիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած է արդէն Հոկտեմբերին, իսկ մինչ այդ ֆիլմը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութեամբ ցուցադրուած էր Ուաշինկթընի մէջ` քաղաքական գործիչներու, փորձագէտներու եւ հայ համայնքի համար:

Ֆիլմին մէջ փաստավաւերագրական նիւթեր են` իրենց յուշերը կը պատմեն Մեծ Եղեռնը վերապրածները, Սումգայիթի, Պաքուի ջարդերէն փրկուածները, յառաջադէմ փորձագէտներն ու քաղաքական գործիչները: Ծանր տեսարանները կը զուգակցուին աղմկայարոյց բացայայտումներով:

Ֆիլմի երեւանեան ցուցադրութեան ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *