Իրան Պատրաստ է Հայաստան Արտահանուող Կազի Ծաւալները Աւելցնելու. Իրանի Ուժանիւթի Նախարար

Կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակման հարցով շատ լաւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, եւ Իրան պատրաստ է Հայաստան արտահանուող կազի ծաւալները աւելցնելու։

Այս մասին երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի 15-րդ նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Իսլամական Հանրապետութեան ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանիան` պատասխանելով հարցումին, թէ իրանական կողմը բազմիցս ըսած է`  պատրաստ է յարմար գիներով կազ մատակարարել Հայաստանին, արդեօք կրնա՞ն ըսել, թէ որն է այդ յարմար գինը, կը հաղորդէ «Panorama.am»-ը:

«Ես կը կարծեմ` մօտ ապագային բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան իրանական եւ հայկական կողմերու միջեւ: Իրանի կողմէ այդ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի Քարիւղի նախարարութիւնը, հայկական կողմէ` Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը: Կը կարծեմ, որ մօտ ապագային այդ բանակցութիւններու արդիւնքը եւ լուրը հասանելի պիտի ըլլայ ժողովուրդին»,- յայտարարած է Իրանի Ուժանիւթի նախարարը:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Հայկ Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ Հայաստան այս պահուն չունի կազի գինի աւելի մրցունակ առաջարկ, քան Ռուսիայինն է: Անոր  խօսքով`  մինչ այսօր Իրանի կողմէ չէ եղած աւելի աժան գինով կազ վաճառելու առաջարկ, քան ռուսականն է:

Հայկ Յարութիւնեան նաեւ յայտնած էր, որ 2017-ին Հայաստան  Իրանէն ներմուծած է  382 միլիոն 700 հազար խմ կազ, ինչ որ 2016-ի համեմատ աճած է 2.7 %, իսկ Ռուսիայէն ներմուծուած է 1 միլիառ 996 միլիոն խմ կազ` աճը 2016-ի համեմատ կազմելով 7%:

Ան միաժամանակ նշած էր, որ Հայաստան Իրանի հետ կը շարունակէ աշխատիլ. «Կը նախատեսենք  կազ-ելեկտրականութիւն գործարքի ծիրէն ներս  ծաւալներու աւելացում, եւ ոչ մէկ սահմանափակում չկայ, ընթացիկ բանակցութիւններ են, որոնք կը տարուին մշտապէս: Ծաւալները աւելցնելու որեւէ խոչընդոտ չեմ տեսներ, եւ այս տարի ալ աւելացումը բաւական տեսանելի պիտի ըլլայ»,- ընդգծած է ան:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *