ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ, որ Ազգային ժողովի մէջ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժի առաջարկին վերաբերեալ որոշում կայացնելէն առաջ՝ Հանրապետութեան Նախագահի հետ նախորդ հանդիպման ընթացքին ժամանակ խնդրած էր, որպէսզի հանդիպումներ ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու, հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններու, գործարար եւ աշխատաւորական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան եւ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ նախատեսած հանդիպումները աւարտած է եւ անոնց իբրեւ արդիւնք՝ կայացուցած իր որոշումը: ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածուն Հանրապետութեան Նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուցած է իր որոշման հիմնաւորումները:
Արմէն Սարգսեան՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան իրեն հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան եւ մեծ ակնկալիքին համար՝ նշելով, որ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը, բացի պատուաւոր ըլլալէն, կ’ընդգրկէ հսկայական պատասխանատուութիւն:
«Ձեր կողմէ առաջադրուած խնդիրներու ծիրէն ներս ես վստահ եմ, որ պիտի կարենամ ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատուով կատարեմ իմ վրայ դրուած բարձր պատասխանատուութիւնը, որպէսզի չհիասթափեցնեմ Ձեզ, պարո՛ն Նախագահ, եւ այն ակնկալիքները, որ մեր հայրենակիցները պիտի ունենան, ըլլայ Հայաստանի, Արցախի, թէ Սփիւռքի մէջ։ Պատրաստ եմ իմ ողջ էութեամբ եւ եռանդով ներգրաւուելու այդ շատ պատասխանատու գործին, եթէ, ի հարկէ, Ազգային ժողովը զիս ընտրէ իբրեւ նախագահ»,- իր խօսքի աւարտին նշած է Արմէն Սարգսեան:
Հանրապետութեան Նախագահը յոյս յայտնած է, որ, Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգը սկսելով, պիտի արձանագրուին փայլուն արդիւնքներ: