Յունուար 31-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընդունած է ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «ter-hambardzum.net»-ը։
Զրոյցին ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծած է, որ ուրախ է ընդունելու Հայոց Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակը, որուն հայրենասէր ու եկեղեցանուէր ոգին իր գործնական դրսեւորումները ունեցած է անցնող տարիներուն ազգային կեանքին մէջ:
Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ Պրն. Արմէն Սարգսեան դրական պիտի արձագանգէ կատարուած առաջարկին` պետական կառավարման բնագաւառին մէջ իր փորձառութիւնը, հնարաւորութիւնները եւ Սփիւռքի հետ կապերը ծառայեցնելով հայրենի երկրին եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդին:
Իր հերթին, Պրն. Արմէն Սարգսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման առիթով, Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուցած է ազգային կառոյցներու, հասարակութեան տարբեր հատուածներու եւ կուսակցութիւններու հետ ունեցած հանդիպումներու եւ սփիւռքեան համայնքներ ծրագրուելիք այցերուն մասին:
Անդրադառնալով ՀՀ չորրորդ նախագահի հանգամանքին եւ առաքելութեան` ան ընդգծած է, որ երկրի կառավարման նոր պայմաններուն մէջ անիկա պիտի տարբերի նախորդներէն, անոր պիտի հաղորդուի նոր իմաստ եւ պիտի ձեւաւորուի նոր մշակոյթ:
Դրական որոշման կայացման պարագային՝ Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է ամբողջ ազգի հոգեւոր առաջնորդի օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան եւ Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեան: