Նախնական տուեալներու համաձայն՝ Արցախ Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող Յովսէփ Կարէնի Գրիգորեանը (1998-ի ծնունդ):
Նախնական տուեալներով` շարքային Յովսէփ Գրիգորեանը զոհուած է՝ պարտադիր ժամկէտային զինծառայողի կողմէ զէնքի հետ վարուելու կանոնները խախտելու հետեւանքով:
Դէպքին առիթով երրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 373-րդ յօդուածի 3-րդ մասով: Ձեռնարկուած հետաքննութեան արդիւնքով ժամկէտային զինծառայողը ձերբակալուած է:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: