Յունուար 24-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ կայացաւ «Շնորհակալութի՛ւն, հայ զինուոր» բարեգործական համերգը։ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ համեգին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի զինծառայողներու առողջութեան վերականգնողական նոր կեդրոնի կառուցման ու վերազինման:
Ապրիլեան պատերազմի մասնակից խումբ մը տղոց այս նախաձեռնութեան սիրով արձագանգեց մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան` Դեկտեմբերի սկիզբը այցելելով նաեւ վերականգնողական փուլի մէջ գտնուող ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներուն:
Նախաձեռնութեան սիրայօժար իրենց աջակցութիւնը բերած էին յայտնի երգիչ, երգչուհիներ: Համերգին ներկայ էին հայրենիքի պաշտպանութեան համար ծանրօրէն վիրաւորուած տղաք:
«Ասիկա շատ սովորական վերաբերմունք է այն տղոց հանդէպ, որոնք յանուն մեզի չխնայեցին ամենաարժէքաւորը»,- ըսաւ մշակոյթի նախարարի խորհրդական Արսէն Գրիգորեան: Ան յիշեց նաեւ վերականգնողական փուլի մէջ գտնուող տղոց այցելած նախարար Ամիրեանի խօսքը. «Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնանք ընել ձեզի համար: Ձեր կողքին կանգնիլը բոլորիս պարտքն է»: