Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Յունուար 25-ին հրադադարի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ` Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղէն դէպի հիւսիս ինկած հատուածին վրայ:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ (ԳՆԱՆ) դեսպան Անճէյ Գասպշիկը, անոր դաշտային օգնականներ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ Օկնեն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեգովինա): Սահմանագիծին հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնական Կենատիէ Փեթրիգան (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուսթերը (Գերմանիա):
Դիտարկումը անցած է՝ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին, սակայն խիտ մառախուղին պատճառով հնարաւոր չէ եղած տեսողական կապ հատատել սահմանագիծի երկու կողմերուն դիտարկում իրականացնող խումբերուն միջեւ:
Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: