Ֆրանսայի Նախագահը Ելիսէյեան Պալատին Մէջ կը Դիմաւորէ Սերժ Սարգսեանը

Փարիզի մէջ երէկ` Յունուար 23-ին Երեւանի ժամանակով՝ ժամը 16:30-ի մօտ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դիմաւորեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Ըստ «News.am»-ի՝ դիմաւորման արարողութիւնը ընթացաւ Էլիզէյի պալատին մէջ:

Դիմաւորման արարողութենէն ետք կայացաւ երկու նախագահներուն առանձնազրոյցը, ապա տրուեցաւ աշխատանքային ճաշ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը հանդիպման ընթացքին ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու` նախորդ Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ եւ արտաքին գործոց նախարարներու` ընթացիկ տարուան Յունուարին Քրաքովի մէջ կայացած հանդիպումները` յոյս յայտնելով, որ երկխօսութեան վերսկսումը յստակ արդիւնքներ պիտի տայ:

Այնուհետեւ, երկու երկիրներուն նախագահները հանդիպեցան ԶԼՄ ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Ասուլիսի ընթացքին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է, որ Ֆրանսան մշտապէս պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ֆրանսայի նախագահը հետաքրքրական գնահատած է ՀՀ նախագահի հետ հանդիպումը` աւելցնելով, որ Հայաստանը երկար ճանապարհ անցած է` կառուցելով կայուն ժողովրդավարական երկիր արեւմուտքի ու արեւելքի միջեւ:

«Այս բարդ տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսան ձեր կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի օժանդակէ, որպէսզի առաջ շարժիք: 2018 թուականը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար»,-­ ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ Մայիս 28-­ին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-­ամեակին, Ֆրանսայէն պիտի մասնակցի Արտաքին գործոց նախարարը: Միաժամանակ, Էմանուէլ Մաքրոն պաշտօնապէս հաստատած է, որ եկող Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան` ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով:

«Մեր հանդիպման ժամանակ որոշեցինք լայնացնել ֆրանսերէնի դերը կրթութեան մէջ, ընդլայնել Ֆրանսական համալսարանը, ստեղծել մշակութային կեդրոն: Միաժամանակ, կ՝ուզեմ բարձր գնահատել հայկական սփիւռքի դերը եւ յիշեցնել, որ Յունուար 30-­ին պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին»,-­ ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի դիտարկումով` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը պահանջեն աւելի ուժականութիւն եւ փոխանակութիւն` զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի եւ ծրագրային ապահովման ոլորտներուն մէջ:

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է նաեւ Արցախի հիմնախնդիրը լուծելու կարեւորութիւնը:

«Ատիկա պէտք է ըլլայ համարձակ փոխզիջում: Գիտեմ, որ խաղաղութիւն քարոզելը շատ դժուար է, կ՝ուզեմ, որ հանդիպումները յստակ արդիւնքներ ունենան»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` դրական գնահատելով իւրաքանչիւր հանդիպում` ուղղուած երկխօսութեան ամրապնդման:

Մաքրոն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ միջնորդական ջանքերը արդիւնք պիտի տան` հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահի եռօրեայ աշխատանքային այցը Ֆրանսա սկսած է Յունուար 22-ին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *